2016-04-26 12:39:00

Չերնոպիլի աղէտի 30-րդ ամեակը`Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը փրկարարներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 26 ապրիլ 1986-ին, այս օրուան նման երեսուն տարի առաջ,  Ուքրանիոյ Չերնոպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքին աթոմակայանի աղէտը . որ ցնցեց համայն աշխարհը եւ որուն զոհ գացին անթիւ անմեղներ   ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը , վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին,  վերյիշելով  Չերնոպիլի աղէտը ,  աղօթք բարձրացուցած էր առ Աստուած աղէտի բոլոր զոհերուն համար ու  բարձր գնահատած էր այդ ժամանակ շտապ օգնութեան հասնող բոլոր փրկարարները  ինչպէս նաեւ  ՝ այն բոլոր նախաձեռնութիւնները,  որոնց միջոցաւ կարելի դարձաւ ամոքել տառատպեալներուն ցաւերն ու աղէտի պատճառած աւերները։








All the contents on this site are copyrighted ©.